2013-11-12 08:28:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 11 նոյեմբերի թուիթները` ''Աստուած մեզ կը սիրէ''։


Երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց երկու թուիթ առաջինին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ Աստուած Սէր է իսկ երկրորդին մէջ կը հրաւիրէ հաւատացեալները առատաձեռն ըլլալու հանդէպ Փիլիպեան կղզիներուն բնակչութեան։

''Աստուած մեզ կը սիրէ։ Վերագտնենք սիրելու եւ սիրուելու գեղեցկութիւնը'':

''Յիշենք Փիլիպեան կղզիները, Վիէթնամը եւ համայն շրջանը որ ''Հայիան'' մրրիկի զոհ եղան։ Առատաձեռն եղէք աղօթքի մէջ եւ գործնական օժանդակութեամբ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.